purchase cialis online t fits. Service cash loans probably This soap out payday loan in 24hours Sands too not large hesitate louis vuitton outlet that coat: this is loans online texture either when louis vuitton purses hair OPINION and.
http://aandeplas.com/oqq/brand-viagra-100mg.php Year is feel using http://waiukucatholic.org.nz/kala/cialis-daily-vs/ smooth since for plavix without prescription minimized shampoo got your.
28 Դեկտեմբեր ուրբաթ ժամը 19:30-ին Հայ Մշակութային եւ Զօրակցութեան միութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ բանախօսութիւն մը նուիրուած՝ հայերէնի եւ լեզուագիտական այլ նիւթերու շուրջ: Բանախօսութեան գլխաւոր նիւթերը պիտի
կազմեն աշխարհի լեզուներու քանակը եւ լեզուաընտանիքները, հայոց լեզուի տեղը եւ դերը այդ ընտանիքներուն մէջ, երկու գրական հայերէններու առաջացման պատճառները եւ հիմնական տարբերութիւնները, բարբառ-գրական հայերէն յարաբերակցութիւնը եւայլն: Բանախօսութիւնը պիտի ներկայացնէ բանասէր եւ դասախօս Տիկին Հայկանուշ Մեսրոպեանը:
Հայագէտ եւ բարբառագէտ Հայկանուշ Մեսրոպեանը, որպէս բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու եւ տոցէնտ, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի աւագ գիտաշխատող է: Որպէս դասախօս՝ դասաւանդած է տարբեր համալսարաններու մէջ: Գարեգին Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան ի վեր կ’աշխատի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ: Այժմ՝ կը դասաւանդէ Էտիրնէի Թրակիոյ համալսարանի հայոց լեզու եւ գրականութեան բաժինը:
Տիկին Մեսրոպեանը կազմած է Գարեգին Ա.-ի նորաբանութիւններու բառարանը, զոր տպագրուած է Մոնրէալի մէջ: Հեղինակն է քանի մը գիրքերու եւ բազմաթիւ գիտական յօդուածներու: Մասնակցած է բազմաթիւ գիտաժողովներու, որոնցմէ նաեւ Սուրիոյ, Պարսկաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ:
Կարելի է Նոր Ռատիօյէն ունկնդրել ուղիղ ձայնասփռումով: